2017-08-19 11:05:00

«Քոյր Դպրոցներ» ծրագիրը` գործողութեան մէջ


Սփիւռքի եւ Հայաստանի դպրոցներու միջեւ բարեկամութեան կամուրջի հաստատման ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քոյր դպրոցներ» ծրագիրը երթալով աւելի մեծ ճանաչում կը գտնէ, ամէն տարի Սփիւռքի եւ Հայաստանի նոր դպրոցներ  ցանկութիւն  կը յայտնեն հայապահպանութեան, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան բնագաւառին մէջ միասնաբար գործելու, իրարու օգնելու եւ համագործակցելու:

«Քոյր դպրոցներ» ծրագիրի ծիրէն ներս 2017թ. նախատեսուած էր համագործակցութեան հաստատում Երեւան քաղաքի Ա. Սախարովի անուան հ.69 դպրոցի (տնօրէն` Մելեան Մարիանա) եւ Տոմոտետովօ քաղաքի Մ. Մաշտոցի անուան դպրոցի, Երեւանի Սիամանթոյի անուան հ. 162 դպրոցի (տնօրէն` Պօղոսեան Լիլիա) եւ Սպանիոյ «Արարատ» հայկական միութեան մէկօրեայ կրթօճախի, Յովհաննէս Պօղոսեանի անուան հ. 82 դպրոցի (Լիլիթ Ասլանեան)  եւ Շուէտի Ուպսալա քաղաքի մէկօրեայ հայկական դպրոցին միջեւ:

Յուլիս 27-ին հերթական յուշագիրները կնքուեցան դպրոցներուն միջեւ, հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացաւ հ. 82 դպրոցին մէջ: Կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարարութեան  աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան աշխատակից Անահիտ Ղազարեան, դպրոցներու տնօրէնները, ուսուցիչներ: Յուշագիրներով հաստատուած գործակցութեան ծիրէն ներս դպրոցները կ’իրականացնեն համատեղ ուսումնամեթոտական, կրթական մշակութային, ուսուցիչներու վերապատրաստման, մայրենի լեզուի, հայրենագիտութեան ծրագիրներ, ձեռնարկներ, տեղեկատուութեան փոխանակում, փոխայցելութիւններ, կ’ապահովեն մասնակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կրթական ծրագիրներուն:

Ելոյթ ունեցողները նշեցին, որ համագործակցութեամբ դպրոցներուն առջեւ նոր հնարաւորութիւններ կը բացուին ճանչնալու իրար, օգնելու լուծել մատաղ սերունդի մայրենիի ուսուցման, ազգային դաստիարակութեան խնդիրները, կազմակերպելու մանկավարժական փորձի փոխանակում, հեռավար կրթական ծրագիրներ:

Քոյրացուած դպրոցներու տնօրէնները շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ քաղաքապետարանին` հայկական համայնքներու կրթական խնդիրներու լուծան աջակցութեան ծրագիրներուն համար:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան, շնորհաւորելով  դպրոցները քոյրացման գործընթացներու մեկնարկին համար, յոյս յայտնեց, որ մեծերու անունները կրող երեւանեան եւ Մոսկուայի, Շուէտի եւ Սպանիոյ մէջ գործող հայկական մէկօրեայ կրթօճախներուն միջեւ կապերու հաստատումն, անշուշտ, կը նպաստէ երկու դպրոցներուն մէջ իրականացուող հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործի զարգացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.